Մուրատի Ճամբորդութիւնը

0 կարծիք
Հեղինակ՝ Զապէլ Եսայեան
Ժանր՝ հայ դասականներ, հայ գրականություն, հուշագրություն
Հրատարակիչ՝ Յավրուհրատ
Հրատարակման տարեթիվ՝ 2017
Դասարան՝ 5-9, 10-12

Գրքի մասին

Սեբաստացի Մուրատը (Մուրատ Խրիմեան) հայ ազգային ազատագրական պայքարի պայծառ դէմքերէն է: Ան սկիզբը կը գործէ հայրենի Սեբաստիա գաւառին եւ Պոլսոյ մէջ, ապա՝ Սասունի, Մշոյ դաշտի եւ Վասպուրականի բնակավայրերուն մէջ: 1915 թուականին Սեբաստիայի մէջ եւս ծայր կ՚առնեն հայերու զանգուածային տեղահանութիւնները, աքսորն ու սպանութիւնները: Սեբաստացի Մուրատն իր խմբով կը բարձրանայ լեռները, կ՚անցնի չափազանց բարդ երթուղիով, կը գրաւէ թուրքական փոքր ձկնորսանաւ մը եւ ուղղութիւն կը վերցնէ դէպի Պաթում: Յետագային կը հանդիպի Զ. Եսայեանին, որ եւ գրի կ՚առնէ այդ ճամբորդութեան մանրամասնութիւնները եւ կը հրապարակէ Պաքուի մէջ լոյս տեսնող «Գործ» ամսագրին մէջ:

Հեղինակի մասին

Ծնած է 4 Փետրուար 1878-ին, Սկիւտար (Պոլիս)։ Նախակրթութիւնը ստացած՝ տեղւոյն ծխական վարժարանին մէջ։ Աւարտած է Սկիւտարի Ս. Խաչ վարժարանը (1892)–ին։ Իր առաջին գրութիւնը՝ «Երգ առ գիշեր» արձակ քերթուածը, հրատարակուած է Արշակ Չօպանեանի «Ծաղիկ»ին մէջ, 1895-ին։ Փարիզի մէջ հետեւած է Սորպոնի եւ Գոլէճ տը Ֆրանսի գրականութեան ու փիլիսոփայութեան դասընթացներուն։

Ավելին՝ «Հանրագիտարան» բաժնում →
0.0
0
5
4
3
2
1
Կարծիքներ չկան
Հեղինակի այլ գրքեր
  • Երկեր։ Յուշագրութիւն, ուղեգրութիւն

  • Աւերակներուն Մէջ