Երկեր։ Յուշագրութիւն, ուղեգրութիւն

4 կարծիք
Հեղինակ՝ Զապէլ Եսայեան
Ժանր՝ հայ դասականներ, հայ գրականություն, հուշագրություն
Հրատարակիչ՝ Յավրուհրատ
Հրատարակման տարեթիվ՝ 2017
Դասարան՝ 5-9, 10-12

Գրքի մասին

Զապէլ Եսայեանի «Աւերակներուն Մէջ» երկը 1909 թուականի Ատանայի կոտորածներու տպաւորութիւններուն արձագանգն է՝ գրուած «մահուան ականատեսի» մը կողմէն։ Աղէտեալներուն օգնող պատրիարքական յանձնախումբին հետ Ատանա մեկնած գրողը 1911 թուականին Կ. Պոլսոյ մէջ կը հրատարակէ այս անօրինակ պատումը։ Այս յուշագրութեան սոյն հրատարակութեան մէջ կը հաջորդէ «Արագած» շաբաթաթերթին մէջ տպագրուած Զ. Եսայեանի «Կիլիկիոյ Որբանոցները» յօդուածներու շարքը։ Սեբաստացի Մուրատը (Մուրատ Խրիմեան) հայ ազգային ազատագրական պայքարի պայծառ դէմքերէն է: Ան սկիզբը կը գործէ հայրենի Սեբաստիա գաւառին եւ Պոլսոյ մէջ, ապա՝ Սասունի, Մշոյ դաշտի եւ Վասպուրականի բնակավայրերուն մէջ: 1915 թուականին Սեբաստիայի մէջ եւս ծայր կ՚առնեն հայերու զանգուածային տեղահանութիւնները, աքսորն ու սպանութիւնները: Սեբաստացի Մուրատն իր խմբով կը բարձրանայ լեռները, կ՚անցնի չափազանց բարդ երթուղիով, կը գրաւէ թուրքական փոքր ձկնորսանաւ մը եւ ուղղութիւն կը վերցնէ դէպի Պաթում: Յետագային կը հանդիպի Զ. Եսայեանին, որ եւ գրի կ՚առնէ այդ ճամբորդութեան մանրամասնութիւնները եւ կը հրապարակէ Պաքուի մէջ լոյս տեսնող «Գործ» ամսագրին մէջ:

Հեղինակի մասին

Ծնած է 4 Փետրուար 1878-ին, Սկիւտար (Պոլիս)։ Նախակրթութիւնը ստացած՝ տեղւոյն ծխական վարժարանին մէջ։ Աւարտած է Սկիւտարի Ս. Խաչ վարժարանը (1892)–ին։ Իր առաջին գրութիւնը՝ «Երգ առ գիշեր» արձակ քերթուածը, հրատարակուած է Արշակ Չօպանեանի «Ծաղիկ»ին մէջ, 1895-ին։ Փարիզի մէջ հետեւած է Սորպոնի եւ Գոլէճ տը Ֆրանսի գրականութեան ու փիլիսոփայութեան դասընթացներուն։

Ավելին՝ «Հանրագիտարան» բաժնում →
5.0
4
5
4
3
2
1
  • Սվետլանա Պետրոսյան
    02 նոյեմբերի 2019, 09:12

  • Անի Ասատրյան
    03 հուլիսի 2019, 22:55

  • Քնարիկ Հակոբյան
    05 ապրիլի 2019, 22:09

    shat lavn e

  • Վարդան Երեմյան
    05 ապրիլի 2019, 18:24

Բոլոր կարծիքները
Հեղինակի այլ գրքեր
  • Աւերակներուն Մէջ

  • Մուրատի Ճամբորդութիւնը